ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 9. 2022

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցով Ղրղզստան մեկնած է : Վարչապետը Պիշքեկի մէջ կը մասնակցի Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստին: Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է նաև վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում հնարաւոր է կայանայ Ս․Փեթերսպուրկի մէջ՝ Ամանորէն առաջ աւանդաբար տեղի ունեցող ԱՊՀ՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան, երկիրներու ղեկավարներուն ոչ պաշտօնական գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ։ Երէկ ըսաւ Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

«Մանկական Եւրատեսիլ 2022»-ի մրցոյթի գլխաւոր համերգը տեղի պիտի ունենայ 11 Դեկտեմբերին՝ Կարէն Տեմիրճեան անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Երեւանի քաղաքապետարանը քաղաքի երկու հատուածներէն անվճար փոխադրութիւն պիտի ապահովէ դէպի մարզահամերգային համալիր։

Back to top button