ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 6. 2022

«Կը տեսնենք ատրպէյճանական կողմի մտադրութիւնը՝ փակել Լաչինի միջանցքը», յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի համատեղ նիստին եւ 15րդ լիագումար նիստին : «Երեւանի համար սկզբունքային է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիի հաստատումը»,– ըսաւ Սիմոնեան։

Արցախը Հայաստանի հետ կապող միջանցքին՝ ատրպէյճանական յենակէտ տեղադրելու մասին լուրերը կեղծ են, կը յայտնէ Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը։

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից՝ Ճէյհուն Պայրամովին հետ բանակցութիւններէն առաջ յայտարարեց, որ Ռուսիա շահագրգռուած է ամէն ձեւով նպաստելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման: Կը հաղորդէ « «Թասս» լրատու գործակալութիւնը։

Back to top button