ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 1. 2022

Ֆրանսայի Ազգային ժողովը միաձայն բանաձեւ ընդունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ առաջարկող ։ Նշեալ բանձեւով․ «Կոչ կ՛ընէ բոլոր հայ ռազմագերիները անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել եւ հայրենիք վերադարձնել ։ Կառավարութեան կ՛առաջարկուի անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու հնարաւրութիւնը՝ Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք յարձակումներուն։ Կոչ կ՛ընէ կառավարութեան շարունակել միջնորդական ջանքերը ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան խնդիրը լուծելու։

Երէկ գիշեր Ատրպէյճանի զինուած ուժերը տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակած են հայ- ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն մեկնաբանեցին Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Իպրահիմ Քալընի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Նոյեմբերի սիզբը սահմանին տեղի ունեցած է հայ-թրքական պատուիրակութիւններու հանդիպումը :

Back to top button