ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 30. 2022

Ատրպէյճան ինչպէս ամեն օր, նաեւ այս գիշեր հրադադարը խախտած է հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Թշնամին այս անգամ կիրառած է նաեւ ականանետ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Լեհաստան՝ մասնակցելու ԵԱՀԿ նախարարական 29-րդ համաժողովին, կը յայտնեն նախարարութենէն:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ամերիկայի համանախագահ, կովկասեան բանակցութիւններուն՝ Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր Ատրպէյճանէն կը մեկնի Թիֆլիս, այնտեղէն ալ՝ Երեւան։ «Ամերիկան կաջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան եւ կոչ կ՛ընէ եկող տարուան այդ ընթաքցքը պահպանելու։ Պետական քարտուղար Պլինքըն կը հաւատայ խաղաղութեան կարելիութեան եւ Հարաւային Կովկասի ներուժին։»

Back to top button