ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 25. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ժամը 08:30-ի դրութեամբ` իրադրութիւնը սահմանին յարաբերական կայուն է: Սակայն երէկ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակած են հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի։

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան գործունէութիւնը կը դադրի , եւ կը ստեղծուի Ներքին գործոց նախարարութիւն։ Կառավարութեան կառուցուածքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու նախագիծը հաւանութեան արժանացաւ գործադիրի 24 նոյեմբերի նիստին։

Սոյն թուականի 15 Դոկտեմբերին Գանատան Երեւանի մէջ հիւպատոսարան պիտի բանայ․ «Սա կենսական յառաջընթաց է Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն բանալու ճամբուն եւ առանցքային է մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերը կամրջելու համար, որոնք կը ծառայեն որպէս մեր բարեկամութեան հիմք»,- twitter-ի մէջ գրած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլին։

Back to top button