Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 06. 2022

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 Հոկտեմբերին, աշխատանքային այցելութեամբ Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակ կը մեկնի, այցելութեան ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի քառակողմ հանդիպումը:

Նոյն օրը նախատեսուած է նաեւ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը: Վարչապետ Փաշինեան պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին: 5 Հոկտեմբերին՝ 19:40-էն ժամը 20:00-ը, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ, կրակ բացած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:

Թշնամիի կրակը կասեցուած է: Աւելի ուշ Պաշտպանության նախարարութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ Ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է։

Back to top button