ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 05. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան յայտնեց , որ այսօր ժամը 09:00-ի դրութեամբ հայ-ատրպէյճան սահմանին իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, իրավիճակը յարաբերական կայուն է։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ ատրպէյճանական կողմը Ամերիկայի միջնորդութեամբ հայկական կողմին վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերիներ: Մինչդեռ միջազգային հանրութիւնը կը շարունակէ դատապարտել ատրպէյճանցի զինուորականներու վայրագութիւնները։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաuորական ուղերձ յղեց Ուսուցիչի օրուան առիթով՝ շեշտելով . « Եթէ պետութիւնը ուզէ կայանալ, պէտք է նախ դպրոցը կայացնէ, եւ ուժեղացնէ դպրոցի հենասիւնը հանդիսացող ուսուցիչը»,- ըսուած է վարչապետի շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Back to top button