Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 04. 2022

Հոկտեմբեր 3 ժամը 21:30-ին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, կը յայտնէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակը:Հայկական կողմէն կորուստներ չկան:

Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕ՝ գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինան յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Քոլոմինան այս մասին գրած է՝ ներկայացնելով Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպման արդիւնքները:

Հոկտեմբեր 4-5 Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրով աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած է Ատոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսին: գլխաւոր տնօրէն Կրոսիին պիտի ընդունին Հայաստանի նախագահն ու Վարչապետը ։

Back to top button