Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 03. 2022
Ատրպէյճան կը հրաժարի կատարել հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու խոստումը. «Սա արդէն երկրորդ դէպքն է, երբ Ատրպէյճան կը հրաժարի կատարել հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու իր խոստումը»,- գրած է վարչապետը:
Ժնեւի մէջ 2 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Եւրամիութիւնը առաջին անգամ հասցէկան յայտարարութիւն ըրաւ :
Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, համացանցին մէջ տարածուած տեսանիւթը անուանեց ռազմական յանցագործութիւն: «Սարսափազդու տեսանիւթ մը եւս, որտեղ ցուցադրուած է գերիներու գնդակահարութիւն: Եթէ այս տեսանիւթի իսկութիւնը հաստատուի, ապա տեղի ունեցածը ռազմական յանցագործութիւն է, որը պէտք է քննուի, իսկ մեղաւորները՝ պատժուին», — «Թուիթըրի» մէջ գրած է ան: