ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 29. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արամ Թորոսեան յայտնեց է, որ 29 Սեպտեմբերի ժամը 11:00-ի դրութեամբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրադրութեան փոփոխութիւն չէ արձանագրուած, իրավիճակը յարաբերական կայուն է: 28 Սեպտեմբերին՝ ժամը 18:00-էն սկսեալ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները , ականանէտերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ, կրակ բացած էին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերու ուղղութեամբ:Հայկական կողմը դիմած էր պատասխան գործողութիւններու, հայկական կողմը ունի 3 զոհեր։

Պաշտօնական Երեւանը կը յորդորէ միջազգային հանրութեան գործօն քայլեր եւ համապատասխան միջոցներ գործարկելով ճնշում գործադրել Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ՝ հրադադարի դրութիւնը խստագոյնս պահպանելու, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը լքելու եւ նոր յարձակումները կանխելու համար։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ կանոնադրութեամբ սահմանուած բոլոր միջոցներով շարունակելու է պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», — ըսուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Back to top button