ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 22. 2022

Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 21 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8-ի շուրջ, ականանետերու եւ մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու օգտագործումով կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ նշելով, որ պատասխան գործողութիւններով թշնամիին կրակը դադրած է: Կայ վիրաւորուած հայ զինուոր մը, որուն կեանքին վտանգ չսպառնար։ Ժամը 9։30-ի դրութեամբ իրադրութիւնը կայունացած է։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորք մեկնած է : Կառավարութեան ղեկավարը Սեպտեմբեր 22-24-ը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հատուածին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով: Նախատեսուած են Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը հանդիպումները տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գործընկերներուն հետ:

Այսօր կառավարութեան նիստի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի վնասուած շինութեան մասնակիօրէն փլուզման, որուն հետեւանքով կան տուժածներ։ Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթէոսեան Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ քննարկում ունեցած է այդ հարցի վերաբերեալ: Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Արմէն Ղուլարեանն ալ կառոյցի հետ կապուած առաջարկ ըրաւ, որ «շատ արագ շինութեան կմախքը քանդելու արտօնութիւն տրուի, եւ այդ տարածքը մաքրուի»։

Back to top button