ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 18. 2022

Այս պահու դրութեամբ քրէական գործով որեւէ փաստացի տուեալ չկայ , որը կը վկայէ ահաբեկչութեան առկայութեան մասին, Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան նիստին ըսաւ Քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քարամեան, պատասխանելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հարցին, թէ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին հետ կապուած արդե՞օք դիտարկուած է ահաբեկչութեան վարկածը:

Փլատակները մաքրելու աշխատանքի 90 %-ը աւարտուած է։ Այս մասին այսօր՝ լրագրողներուն հետ զրոյցին յատնեց Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փոխնախարար Դաւիթ Համբարեան։ «Մենք հիմա բացառապէս կեդրոնացած ենք փրկարարական աշխատանքներու վրայ»,- նշեց փոխնախարարը։

Այսօր՝ 18 Օգոստոս ժամը 12-ին, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի տնօրինութեամբ թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցաւ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումէն մահացած անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։

Back to top button