Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 15. 2022

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումէն հետո հրդեհը մարելու աշխատանքները կը շարունակուին։ Ունինք 6 զոհ, 15 անհետ կորած։ Զոհերու ինքնութիւնը պարզուած է։ Յայտնի է, որ տեղի ունեցածը պայթում է ՝ հրդեհի բռնկմամբ եւ փլուզումով․ մասնակի փլուզուած է երեք յարկանի շէնքը:

Հրդեհաշիջման աշխատանքներուն մասնակցած են 350 փրկարարական ծառայողներ։ Փրկարարները փլատակներու տակէն դուրս հանած են 10 տուժած, 6 դիակ, ինչպէս նաեւ 21 փոխադրամիջոց: «Լուրերուն» յայտնեց Արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Դաւիթ Համբարեան:

Առաւօտ կանուխ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ժամանեց «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոն, դեպքի վայրը վարչապետին դիմաւորեց Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան։

Back to top button