Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 12. 2022

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ Օգոստոս 11 լոյս 12-ի գիշերը եւ առաւօտեան 09:00-ի դրութեամբ իրադրութունը շփման գիծին, չնայած պահպանուող որոշակի լարուածութեան, եղած է յարաբերականօրէն կայուն։

Սկսած է Լաչինի միջանցքի այլընտրանքային ճանապարհի հայկական հատուածի շինարարութիւնը: Շինարարական ընկերութիւններու 6-րդ օրն է` արդէն կը կատարեն հողային աշխատանքներ: Օգոստոսի 25-էն յետոյ, Արցախի եւ Հայաստանի ցամաքային կապը պիտի ըլլայ ՝ խճապատ ճանապարհով:

Սոյն թուականի Օգոստոս 14-ին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը: Մայր Աթոռ ս․ Էջմիածնի միաբանութիւնը Պատարագի արարողութեան պիտի մասնակցի Սուրբ Գայանէ վանքին մէջ։

Սուրբ Պատարագի աւարտէն յետոյ Մայր Աթոռի Սուրբ Տրդատ բաց խորանին պիտի կատարուի Խաղողօրհնէքի արարողութիւն:

Back to top button