Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 5. 2022

Հայաստանի եւ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնները կը հերքեն Ատրպէյճանի Պապտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնները, թէ հայկական կողմերը կրակած են ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։

Քրեմլին կը հետեւի Ղարաբաղի իրավիճակի զարգացումներուն եւ կողմերուն զսպուածութեան կոչ կ՛ընէ․ յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Ան կոչ ըրած է կատարել եռակողմ յայտարարութիւններու բոլոր դրոյթները։ Ան չի բացառեր, որ 5 Օգոստոսին Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահն ու Թուրքիոյ նախագահը միտքեր փոխանակեն իրավիճակի վերաբերեալ:

Հայաստանի մէջ քորոնայով հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ ․դժուար է համակերպուիլ, որ վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ քովիտով հիւանդներու թիւը աւելցած է։

Գրած է Առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան: «Անգամ մըն ալ կը յորդորենք. ՊԱՏՈՒԱՍՏՈՒԻ՛Լ»,- գրած է նախարարը: Վերջին տուեալներով Հայաստանի մէջ մէկ շաբթուան մէջ 1400 անձ վարակուած է։

Back to top button