Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Օգոստոս 4. 2022

Օգոստոսի 3-ին Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտելով հրադադարի պահպանման դրութիւնը , թիրախաւորած է Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերը ՝ բացի տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կիրառելով նաեւ ականանետեր եւ հարուածային անօթաչու թռչող սարքեր։ Նահատակուած են պայմանագրային զինծառայողներ Գուրգէն Գաբրիէլեանը եւ Արթուր Խաչատրեանը: 19 զինծառայողներ ալ տարբեր աստիճանի վիրաւորուած։

Հայաստանի Կառավարութեան անդամները այսօր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած զինծառայողներու յիշատակը։

Վարչապետը առողջութիւն մաղթեց վիրաւորուած զինուորներուն։ Հայաստանը կ՛ակնկալէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի հատման որեւէ փորձ կասեցուի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբին կողմէն, իսկ շփման գիծէն ներս գտնուող ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դուրս բերուին: 4 Օգոստոսին կայացած կառավարութեան նիստին նշեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով Արցախի մէջ վերջին օրերուն առկայ լարուած իրավիճակին:

Back to top button