ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 1, 2022

Ազգային ժողովը 1 Յուլիսին արտահերթ նիստ կը գումարէ: Նիստի օրակարգին են Ազգային ժողովի ընդդիմադիր փոխ խօսնակ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ տնտեսական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վահէ Յակոբեանի պաշտօններէն հեռացնելու հարցը:

Այսօր Վիեննայի մէջ կը կայանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի հերթական հանդիպումը: Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Անգարայի հետ բանակցային գործընթացին մէջ մեծ յառաջընթաց չի տեսներ։

Հայաստան բարձր կը գնահատէ Գանատայի հետ յարաբերութիւններու վերընթաց զարգացումը ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրիւտոյին՝ Գանատայի օրուան առիթով։

Back to top button