ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 30. 2022

2023 թուականի Յունուար 1-ին կ՛ունենանք կենսաթոշակներու, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում, այսօր կառավարութեան նիստին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ան նաեւ նշեց, որ մինչեւ 2 տարեկան երեխայի խնամքի նպաստը պիտի աւելնայ։

Գանատան՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր առաջին դեսպանատունը Հայաստանի Մէջ Պիտի Բանայ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունեց Գանատայի՝ Հայաստանի մէջ դեսպանատուն բանալու որոշումը։

Գանատան եւրոպական երկիրներու՝ Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ հետ բանակցութիւններ կը վարէ քարիւղի եւ կազի շուրջ: «Թէ ինչպէս կրնան քարիւղ եւ կազ արտահանել երկրի արեւելեան ափէն , որպէսզի մեղմացուին ուժանիւթի սահմանափակումները», ըսած է Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը։

Back to top button