Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 29. 2022

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակելու լուրը։ Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճան սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի Զինուած ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։

Զինուած ուժերը կը յայտարարեն, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք դադրեցուած է հայաստանցի ժամկէտային զինուորներու` Արցախ զօրակոչը:

«Մեր վերջին զօրակոչը` 2020 թուականի ամրան ժամկէտային զօրակոչը Յուլիսի 1-ին կը զօրացրուի, մինչեւ Օգոստոս 30 այլեւս Արցախի մէջ չենք ունենար ժամկէտային զինծառայողներ», նշած է գնդապետ Սահակ Սահակեան եւ յաւելած, որ որոշում կայ Արցախ անցընել միայն պայմանագրային ծառայութեան։

Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի եռակողմ աշխատանքային խումբը կրցած է մօտեցնել Երեւանի ու Պաքուի մօտեցումները շատ մը հարցերու մէջ: ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցին՝ յայտնեց Հայաստանի փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան:

Back to top button