Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 28. 2022

Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացի վերավերեալ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 1, Յուլիսին Վիեննայի մէջ։ Կը յայտնէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Վրացական կողմի շինարարական աշխատանքներու շնորհիւ այսօր Լարսի մէջ վերականգնուած է երթեւեկութիւնը։ Լարսը փակ էր երեկուընէ յորդառատ անձրեւներու և առատ տեղումներու հետեւանքով։

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան 28, Յունիսին ընդունեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը:

Back to top button