Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 27. 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Յունաստան կը գտնուի։

Նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Նիքոս Տենտիաս իրենց հանդիպման արդիւնքներով հանդէս պիտի գան մամլոյ յայտարարութիւններով։

Ամէն տարի 500 քիլոմեթր նորոգուած ճանապարհ՝ կառավարութեան քաղաքականութիւնն է։ Այս տարին բացառութիւն չէ. աշխատանքներու համար յատկացուած է 47 միլիառ դրամ:

Արցախ՝ Մարտակերտի մէջ տեղացած կարկուտը բնակչութեան նիւթական վնասներ պատճառած է:

«Տնամերձ հողամասերուն մէջ կարկուտը վնասած է բերքատու ծառերը, ելեկտրական լարերը ու բնակելի տուներու տանիքներն ու պատուհանները»։

Back to top button