ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 27. 2022

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը խնդիր չի տեսներ , որ արհեստագիտութեան ՏՏ ոլորտի որոշ ռուսաստանցի մասնագէտներ տեղափոխուած են Հայաստան, կը հաղորդէ ТАСС գործակալութիւնը։ «Տեղափոխուած են, փառք Աստուծոյ, թող աշխատին»,- ըսած է Փութին, ելոյթ ունենալով Եւրասիական առաջին տնտեսական համաժողովին։

Ռուսական կողմի նպատակն է ընել ամէն ինչ՝ երկկողմ դաշնակցային ու եղբայրական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման նպաստելու համար: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Փարիզի քաղաքապետ՝ Անն Իտալկօն: Կը քննարկուին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մայրաքաղաքներուն յետագայ գործակցութեան ու ընթացիկ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Back to top button