Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Մայիս 26. 2022

25 Մայիսին՝ Երեւանի ժամով 22․35-ին, Ամերիկայի տիեզերակայանէն SpaceX ընկերութեան տիեզերանաւով Երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս եկաւ Հայաստանի հանրապետութեան առաջին տիեզերական արբանեակը, այսօր Հայաստանի կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Այն հնարաւորութիւն կուտայ վերահսկել Հայաստանի հանրապետութիւնը իր սահմաններով ու ամբողջ տարածաշրջանը իրական ժամանակին։ Հայաստան այս տարի 5-10 Սեպտեմբերին պիտի հիւրընկալէ աշխարհի յայտնի «STARMUS» գիտական- արհեստագիտական փառատօնը, որուն պիտի մասնակցին տիեզերագնացներ, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ, համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիտնականներ, արուեստագէտներ, երաժիշտներ:

Այսօր՝ 26 Մայիսը Համբարձնման տօն է, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մեծագոյն տօներէն մէկը՝ Քրիստոսի Յարութեան 40-րդ օրը, երբ Քրիստոս երկինք համբարձաւ։

Համբարձման տօնին կը կատարուին նաև ժողովրդական հանդիսութիւններ , հին ատեն կը սկսէին Չորեքշաբթի օրուընէ։

Back to top button