

Պրիւքսէլի մէջ Եւրամիութեան խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի միջնորդութեամբ կայացաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն երրորդ հանդիպումը։ «Մենք կեդրոնացած ենք Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան եւ երկու երկիրներու, ինչպէս նաեւ ընդհանուր տարածաշրջանի հետ Եւրամիութեան յարաբերութիւններու զարգացման վրայ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ղեկավարները համաձայնած են շարունակել Հայաստանի եւ Ատրպէյանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւնները կարգաւորող ապագայ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ քննարկումները։
Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին Արտաքին գործոց նախարարներու գլխաւորած խումբերը առաջ պիտի մղեն այդ գործընթացը։ Յառաջիկայ օրերուն միջպետական սահմանին պիտի կայանայ սահմանային հարցերով յանձնաժողովների առաջին հանդիպումը. Եւրամիութեան խորհուրդի նախագահը մանրամասներ ներկայացուց արդիւնքներուն վերաբերեալ:
