

Կառավարութիւնը 4 միլիառ 750 միլիոն դրամ կը յատկացնէ Հայաստանի տարբեր մասերուն ճանապարհներու հիմնանորոգութեան եւ վերականգնման աշխատանքներ իրականացնելու համար: Տուեալ նախագիծը կառավարութեան Մայիս 13-ի նիստին ներկայացուց Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնէլ Սանոսեան:
Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտներու «իԳործ» 2022 ծրագիրի դիմումներու ընդունումը աւարտեցաւ: Մօտ 300 սփիւռքահայ մասնագէտներ այս տարի դիմած են 31 երկիրներէ՝ յայտնեցին Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:
Տուշանպէի մէջ սկսած է Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան՝ մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն խորհրդի նիստը, յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Հունանեան:
