ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 27, 2022

Հայաստան նշանակալի յառաջընթաց արձանագրած է ժողովրդավարութեան զարգացման մէջ. Եվրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը Յունուար 27-ին կը քննարկէ բանաձեւը: Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ գերիներու վերադարձի մասին:

Արցախցիներու՝ որոշ խնդիրները հաշուի առնելով, Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը պիտի շարունակէ դրամական աջակցութիւն տրամադրել պատերազմի հետեւանքով Արցախի Հանրապետութենէն տեղահանուած կամ Արցախի մէջ բնակելի անշարժ գոյքը կորսնցուցած քաղաքացիներուն։

Փակ տարածքներու մէջ դիմակ կրելը պարտադիր է: Տեսչական մարմինները եւ ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս կը զգուշացնեն եւ կը խնդրեն հետևիլ սահմանուած բոլոր կանոններուն: Բացայայտուած խախտումներու համար կը կիրառուին վարչական պատասխանատւութեան միջոցներ:

Back to top button