Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 19, 2022

15 տարի առաջ այս օրը սպաննուեցաւ Հրանտ Տինք, 2007 Յունուար 19-ին ժամը 15.00 ին, Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան դրան առջեւ թուրք ազգայնականներու կողմէն։

Ամերիկայի պետական գերատեսչութիւնը հաստատեց, որ Յուն․ 21-ին Ժնեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստասնի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ Էնթընի Պլինքընի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Օմիքրոնի հիմնական ախտանշաններն են` կոկորդի ցավ, քիթէն արտահոսք, չոր հազ եւ գօտկատեղի ցաւ։ Մասնագէտները նշած են, որ պաշտպանուեու համար Օմիքրոնէն լավ է ստանալ COVID-19-ի դէմ պատուաստանիւթի խթանիչ դեղաչափը:

Back to top button