ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 18, 2022

Օրեր առաջ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը տեղեկացուց, որ Դաւիթ Տոնոյեանի, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Արտակ Դաւթեանի, ԳՇ նախկին պետ Ստեփան Գալստեանի եւ եւս 4 անձերու գործերը ուղարկուած են դատարան: Դաւիթ Տոնոյեանի փաստաբանական խումբը յայտարարութիւն տարածած է՝ յայտնելով, որ Տոնոյեանը դատաքննութեան ատեն պահանջելու է դռնբաց դատական նիստեր՝ քրէական գործի հրապարակային քննութիւնը ապահովելու համար։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսյեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Էմիրութիւններու գիտութեան եւ արհեստագիտութեան հարցերով պետական նախարար Սառա Ալ Ամիրիի հետ։ Նախագահ Սարգսեան նախարարը հրաւիրած է Հայաստան մասնակցելու Սեպտեմբերին նախատեսուող՝ գիտության ու արուեստի միջազգային STARMUS 6-րդ փառատօնին: Անդրադարձ եղած է նաեւ երիտասարդ գիտնականներու փոխանակման եւ համատեղ հետազօտութիւններու իրականացման կարելիութիւններուն։ Հայաստանի

Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը յայտնէ, որ, հետազօտութիւններու արդիւնքով Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է «Օմիքրոնով» վարակի դէպքեր։ «Հաշվի առնելով համաճարակային իրավիճակը` Առողջապահութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս կոչ կ՛ընէ շարունակել պահպանելով հակահամաճարակային կանոնները եւ պատուաստուիլ։

Back to top button