ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունուար 12, 2022

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ Յունուար 11-ին ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու սադրանքէն յետոյ սկսած փոխ հրաձգութեան գօտիին ՝ նոյն օրը, կէս գիշերին յայտնաբերուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայող` 2003 թուականի ծնեալ, շարքային Վահան Վաչագանի Բաբայեանի մարմինը` մահացու հրազէնային վիրաւորումով: Լուրը յայտնեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Վիրաւոր երկու զինծառայողներու վիճակը կայուն է, անոնց կեանքին վտանգ չսպառնար:

Մինչ այդ Պաշտպանութեան նախարարությունը երէկ հաղորդագրութիւն տարածած էր, որ հայ-ատրպէյճան սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու սադրանքին հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ՊՆ զինծառայողներ, Արթուր Արտեոմի Մխիթարեանը եւ Ռուդիկ Ռաֆիկի Ղարիբեանը։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ զերծ մնալ սադրիչ գործողութիւններէն եւ կատարել Սոչիի եռակողմ յայտարարութեամբ եւ Պրիւքսէլեան հանդիպման արդիւնքներով ստանձնած՝ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման յանձնառութիւնը։

Back to top button