Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 3, 2021
Դեկտեմբերի 7-ին ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը պիտի հրապարակէ իր որոշումը ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային ուխտի խախտման հիմքով Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի կողմէն ներկայացուած կարգ մը հրատապ միջոցներու կիրառման կապակցութեամբ:
Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Եղիշէ Կիրակոսեան, վարչապետի հրամանով, Դեկտեմբեր 6-8-ը պիտի գործուղուի Հոլանտա։ Հայաստանի մէջ Covid-19-ի պատճառով մահացողներու թիւը նուազած է։
Նոյեմբեր 3-ի ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է հիւանդութեան 399 նոր դէպք, առողջացած է 995 քաղաքացի, մահացած՝ 13 անձ: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին Արցախի մէջ արձանագրուած է 178 ծնունդ։
Կառավարութիւնը ջանք ու եռանդ չի խնայեր տարբեր ծրագիրներու միջոցով Արցախի մէջ ապրող հայութեան բնական աճը խթանելու համար։