ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 2, 2021

Հայաստանի մէջ «օմիկրոն» հիմնամանրէն տակաւին չէ յայտնաբերուած, սակայն պէտք չէ թուլցնենք մեր զգօնութիւնը. Դեկտ 2-ին կառավարութեան նիստի ժամանակ ըաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Կառավարութիւնը կ՛ առաջարկէ Սեպտեմբեր 27-ը սահմանել որպէս Արցախի ժողովուրդին դէմ ատրպէյճանական պատերազմի զոհերու յիշատակի օր: Գործադիր մարմնի առաջարկը սահմանուած կարգով կ՛ուղարկուի Ազգային ժողով:

Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու համանախագահութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբի Դեկտեմբեր 1-ին կայացած հերթական նիստը պիտի շարունակուի մոտակայ օրերուն: Եռակողմ աշխատանքային խումբը ստեղծուեցաւ տարածաշրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ ճանապարհային կապերը ապաշրջափակելու նպատակով:

Back to top button