Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Դեկտեմբեր 1, 2021

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Շուէտ, Դեկտեմբեր 1-3-ը Սթոքհոլմի մէջ ՝ մասնակցելու ԵԱՀԿ նախարարական 28-րդ համաժողովին։ Այցի շրջածիրէն ներս տեղի պիտի ունենան նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ:

Առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ նախարարի հրամանով հաստատուած է COVID-19-ի դէմ խթանիչ (պուսթըր) դեղաչափով պատուաստում իրականացնելու ուղեցոյցը: COVID-19-ի դէմ պատուաստումներու ամբողջական 2 դեղաչափէն յետոյ խթանիչ դեղաչափով պատուաստում առաջարկուած է կատարել 18 եւ բարձր տարիքի անձերուն` ըստ դիմելու, առաջնահերթութիւնը տալով վտանգաւոր խումբերի անձերուն:

Անգլիոյ խորհրդարանը Դեկտեմբեր 10-ին երկրորդ ընթերցմամբ պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծը, կը յայտնէ Մեծ Պրիթանիոյ Հայ դատի յանձնախումբը։

Back to top button