Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 30, 2021

Պաշտօնական Երեւանը համոզուած է, որ եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու լիարժէք կեանքի կոչումը կը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման,-նշեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Հունանեան, կատարելով քանի մը արձանագրումներ Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան։

ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի հայցի վերաբերեալ որոշումը պիտի հրապարակէ Դեկտեմբեր 7-ին:

Նշուած է կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ: Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Գոհաբանութեան օրուան 24-րդ տարեկան միջազգային թելեթոնը ի մի բերաւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, հաւաքուած է 12,351,000 տոլար, հայրենիքի օժանդակութեան համար:

Back to top button