Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 29, 2021

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տոնոյեանի կալանքը երկու ամիսով երկարաձգուած է։ Ան կը մեղադրուի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմամթերքի մատակարարման գործընթացին մէջ չարաշահում կատարելու առթիւ քննուող գործով:

Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ առաջին անգամ Նոյեմբեր 29-ին քննարկման կը դրուի բանաձեւ մը, որը կոչ կ՛ընէ կառավարութեան ճանչնալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները:

ՄԱԿ-ի կարծիքով, համաշխարհային զբօսաշրջութիւնը 2023 թուականէն առաջ չի վերադառնար իր մինչ համաճարակային վիճակին։

Փորձագէտներուն կարծիքով՝ ուղեւորություններու աշխուժացումը կարելի պիտի ըլլայ 2022 թուականի երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներուն։

Back to top button