ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Նոյեմբեր 23, 2021

Հայաստանի տարածքին վրայ Ատրպէյճանի զինուած յարձակման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին հասցէագրուած Հայաստանի մշտական ներկայացուցչի Նոյեմբեր 16-ի նամակը հրապարակուած է որպէս Անվտանգութեան խորհուրդի պաշտօնական փաստաթուղթ։

Հայաստանի քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցեց՝ 2021թ. Նոյեմբեր 22-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէն արձակուած կրակոցներէն սպանութեան դէպքի առիթով: Նշուած դեպքը տեղի ունեցաւ Գեղարքունիք մարզի Նորաբակ գիւղի հատուածին՝ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղուած՝ թշնամիի կրակոցներու հետեւանքով մահացած է ՀՀ ՊՆ ժամկետային զինծառայող՝, Սուրիկ Եուրիկի Սաֆարեանը։

Հայաստան դիմեց Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ Նոյեմբեր 16-ին գերի տարուած հայ զինուորներու հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով: Լուրը հաղորդեց Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը:

Back to top button