ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 28, 2021

Կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ հակապատուաստումային արշաւներուն եւ քարոզչութեան: «Այսօր քորոնայէն մահերու պատասխանատւութիւնը կը կրեն այն մարդիկ, որոնք հակա-պատուաստումային քարոզներ կը կատարեն»,- նշեց Փաշինեան։ Վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւնները հրաւիրեց հանդիպման ՝ Ղարաբաղի հարցը քննարկելու համար։

Հալէպի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան աջակցութեամբ պիտի վերանորոգուին Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան մարզադաշտը։ «Սուրիոյ տագնապէն ետք, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները միշտ կը մնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Back to top button