Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 25, 2021

Խորհրդարանին մէջ սկիզբ առաւ Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովների համատեղ նիստերու պիւտճէի քննարկումները։ 2022 թուականի պաշտպանական պիւտճէն 11 տոկոոսով աւելի է 2021-ի պիւտճէէն՝ ըսաւ Հայաստանի վարչապետը։

Հայաստանի մէջ 2022-թուականի Յունուար 1-էն սկսեալ իւրաքնաչիւր ծնած երրորդ եւ յաջորդ երեխան պետութեան կողմէ պիտի ստանայ ամսական 50 հազար դրամ աջակցութիւն՝ մինչև 6 տարեկան: Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի 2022 թուականին գիտութեան ուղղութեամբ յատկացնել 83 տոկոսով աւելի գումար:

«Մեր պետութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ են երկարաժամկէտ ներդրումներ գիտութեան եւ կրթութեան բնագավառին մէջ, որը մեզի համար չափազանց կարեւոր առաջնահերթութիւն է»: Ըսաւ վարչապետ Փաշինեան։

Back to top button