Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 22, 2021

Մեր երկրին մէջ համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը կը մնայ լարուած. Ունինք մէկ օրուան մէջ 42 մահ եւ 2046 վարակակիր։

Երուսաղէմի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Քնեսէթի Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ, «Մերեց» կուսակցութեան առաջնորդ Մոսի Ռազի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Իսրայէլի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին։

Կեանքէն հեռացած է Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Շահէն Խաչատրեան։

Ան ծնած է 1934 թուականին Հալէպի մէջ։ 1946-ին հայրենադարձ եղած է։ 1959 թուականէն աշխատած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, շրջան մը եղած է տնօրէն, միաժամանակ՝ Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն,1987 թուականէն՝ Մշակոյթի հայկական ֆոնտի փոխ նախագահ։

Back to top button