ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Հոկտեմբեր 21, 2021

Մեր երկրին մէջ Քորոնայի մէկ օրուան դէպքերու թիւը հատեց 2000-ի սահմանը. Արձանագրուած է 32 մահ։

Կառավարութեան այսօրուան նիստին հաստատուեցաւ շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան 2021 թուականի ձմեռնային զօրակոչ յայտարարելու եւ զօրացրում կատարելու մասին որոշման նախագիծը:

Հաագայի միջազգային դատարանին մէջ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցած հայցի բաւարարումը էապէս պիտի նպաստէ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին հայկական կողմի փաստարկներու ամրապնդման եւ Արցախի ինքնորոշման միջազգային ճանաչման: Յայտնեց ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան խօսելով «Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի» գործի ընթացքի մասին:

Back to top button