ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 28, 2021

Սթրազպուրկի մէջ ընդունուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքներուն վերաբերեալ Եվրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բանաձեւը: Յայտնեց Ազգային ժողովի փոխնախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեան: Բանաձեւին մէջ Եվրոպայի Խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ կ՛ընէ Ատրպէյճանին վերադարձնել բոլոր հայ գերիները առանց յետաձգելու։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը վերահաստատեց լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբ համանախագահներու ջանքերուն։ «Գլխավոր քարտուղարը կոչ կ՛ընէ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնել խաղաղութեան եւ համագործակցութեան»,- ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակը:

Մէկ տարի անց Ռուսաստանը արձագանգեց Արցախի մէջ հայկական յուշարձաններու պահպանման խնդիրին։

Back to top button