Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 27, 2021

Այսօր Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցն է։ Պատերազմի հետեւանքով զոհուած է 3777 անձ , 243 զինծառայողի գտնուելու վայրն անյայտ է: Ըստ Արցախի Արտակարգ իրավիճակների պետական ծառայութեան վերջին տուեալներուն, զինադադարէն յետոյ` մինչ օրս յայտնաբերուած է 1670 աճիւն։

Մէկ տարի անց Արցախի կարգավիճակի հարցը չէ լուծուած։ Հայաստանի իշխանութիւնը կողմ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու երկարատեւ խաղաղութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Հայաստանի պետական պաշտինեաները, քաղաքական գործիչները այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Զոհուած հերոսներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցեց , ծաղիկներ խոնարհեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, փոխվարչապետ Սուրէն Պապիկեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 11:00-ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուեցաւ լռութիւն՝ ի յիշատակ 2020 թուականին 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն:

Հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ժամը 10:30-ին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս զաւակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Back to top button