ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 24, 2021

Սեպտենբերի 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսաուղերձի միջոցով ելոյթ կ՛ունենայ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր վեհաժողովի նիստին: Նշուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի պաշտօնական օրակարգին վրայ:

Սեպտեմբերի 27-ին, ժամը 11:00-ին Մէկ վայրկեան լռութեամբ պիտի յիշուի 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակը : Նույն օրը, ժամը 10:30-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի կողմէն Արցախի Հանրապետութեան բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայրենիքի պաշտպանութան համար նահատակուած հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատը հզօր դիրքորոշում ցուցաբերեց Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ 2020 թուականին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ յարձակման հարցին ՝ պահանջելով Պաքուէն ազատ արձակել հայ ռազմագերիները եւ հետաքննել Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները ․ կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

Back to top button