Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 23, 2021

Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց քոնկրեսականներուն ուղղումը, որն Ատրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, եւ կոչ կ՛ընէ զեկոյց կազմել Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն՝ հայ խաղաղ բնակիչներուն դէմ անօրինական զինամթերք եւ սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործելու մասին:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան օրերս կը գտնուի Նիւ Եորք մասնակցելու ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանին։ Նախարարը իր հանդիպման Արտաքին գործոց նախարարներու հետ շեշտած է՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը:

2021 թ. «Աուրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան մրցանակը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ Հոկտ․ 8-10-ը: Հոկտ․ 9-ին Սուրբ Ղազար կղզիի՝ Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի համերաշխութեան աղօթք՝ հոգեւոր եւ պետական առաջնորդներու, միջազգային մարդասիրական համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցությամբ։

Միջոցառումը պիտի եզրափակէ աշխարհահռչակ իտալացի թենոր, Անտրէա Պոչելլին իր կատարումով:

Back to top button