ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 15, 2021

Սեպտ․ 14-ին՝ ժամը 14։00-ի սահմաններուն, զինուորական աւանի արհեստանոցին մէջ յայտնաբերուած է զօրամասի հրամանատար, պայմանագրային զինծառայողի դիակը ՝ առաստաղէն կախուած վիճակի մէջ․ կը յայտնէ Քննչական կոմիտէն: Նախնական տուեալներով՝ զինծառայողը անձնասպան եղած է: Կը ձեռնարկուին միջոցառումներ՝ դէպքի բոլոր հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ:

Հայաստան կը պատրաստուի հիւրընկալել գիտութեան ու արուեստի միջազգային STARMUS 6-րդ փառատօնը, իսկ այս տարի Հոկտեմբերին Դիլիջանի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Միտքերու հայկական գագաթաժողով», Նախագահը նշած է, որ այս բոլոր միջոցառումներուն կակնկալուի նաեւ ռուսաստանցի գործընկերներու ներգրաւուածութիւնը, որոնցմէ շատերուն հետ արդէն իսկ արդիւնաւէտ գործակցութիւն ունինք:

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին ինքնամեկուսացած է։

Back to top button