Ռադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Սեպտեմբեր 14, 2021

Հայաստանն ու Սլովաքիան կը նախատեսեն զարգացնել համագործակցութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ: Հայաստանի մէջ գտնուող Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչաքի հետ հանդիպման Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան քննարկած է երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։

«Կարեւոր է լիովին իրականացնել Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները. մենք կը շարունակենք սատարել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ջանքերուն»,- ըսած է Սլովաքիոյ ԱԳ նախարարը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Երէկ՝ Վարչապետը հիւրընկալեց ԵԱՀԿ ՄԽ ֆրանսացի համանախագահ Սթեֆան Վիսկոնթին։ Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիները եւ ընդգծած ԵԱՀԿ Մինսքի խւմբի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պաշար Ասատ հանդիպած են Քրեմլինի մէջ: Հանդիպման սկիզբը Փութին շնորհաւորած է Ասատը:

Back to top button