ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 16, 2021

Յուլիսի 16-ի ժամը 11:00-ին, ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են հայ-ատրպէյճան սահմանի Երասխի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները դիմած են հակազդող գործողութիւններու: Հայկական կողմէն չկան զոհեր եւ վիրաւորներ ։

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեց Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուների խորհուրդի համանախագահ Էնթընի Պարսամեանն ու Ամերիկայի հայկական համագումարի տարածաշրջանային գրասենեակի տնօրէն Արփի Վարդանեանը: Հանդիպումին՝ քննարկուած են Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, վերաբերող հարցեր: «Մենք կ՛աշխատինք եւ կ՛երաշխաւորենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանին»։

Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ ջրհեղեղի զոհերու թիւը հասած է 80-ի, կը յայտնէ Bild: Զոհերու թիւը կը շարունակուի աւելնալ: Գերմանիոյ Արվայլըր շրջանին մէջ մօտ 1,300 անձ անհետ կորսուած կը համարուի:

Back to top button