ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յուլիս 15, 2021

Այսօր կառավարութեան նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝յայտարարեց , որ Հայաստան բոլոր կարելին եւ անկարելին պիտի ընէ պաշտպանելու իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի ու ՀԱՊԿ-ի գործարկմամբ:

Հայկական նոր ազգային օդանաւային ընկերութեան ստեղծման մասին համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Էյր Արաբիա» օդանաւային ազգային փոխադրութեան ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտուլլահ պին Մոհամետ ալ Թանիի: Իբրեւ ՝ ցած գինով ընկերութիւն, նոր ազգային օդանաւային ընկերութիւնը պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան աճին եւ պիտի խթանէ յարակից ոլորտներու զարգացումը:

Նաեւ սոյն թուականի Օգոստոս 13-ին հայկական շուկայ մուտք պիտի գործի Lufthansa ընկերութիւնը, Ֆրանկֆուրտ-Երեւան-Ֆրանկֆուրտ ՝ շաբաթական 3 չուերթ յաճախականութեամբ: Lufthansa-ն Lufthansa խումբի մէկ մասն է, որն արդէն իսկ մեծ ներկայութիւն ունի Հայաստանի մէջ: Austrian օդանաւային գիծը վերջին 20 տարուան ընթացքին չուերթ կ՛իրականացնէ Վիեննայէն Երեւան: Brussels գիծը այժմ կ՛առաջարկէ շաբաթական 5 չուերթ Պրիւքսէլէն Երեւան եւ Eurowings-ը շուտով՝ 2021 թուականի Օգոստոս 5-էն, ուղիղ չուերթներ Քէոլնէն:

Back to top button