ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 24, 2021

Մոսկուա պատուիրակութիւն գործուղելու մասին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան այսօրուան կառավարութեան նիստին որոշում ստորագրեց: Հայաստանի տարածքին մէջ ռուսաստանեան ռազմակայանի տեղակայման նպատակով հայ-ռուսական միջպետական յանձնաժողովի 13-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով 2021 թուականի Յունիս 26-էն մինչեւ Յուլիս 1-ը ,Մոսկվա գործուղել պատուիրակութիւն։

Հայաստանի կառավարութիւնը 6 ամիսով եւս երկարաձգեց թրքական ծագում ունեցող ապրանքներու ներմուծման արգելքը։

Գերմանիոյ Ազատ դեմոկրատական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահը կոչ ըրած է Եվրամիութեան առաջնորդներուն դադրեցնել Թուրքիոյ Եվրամիութեան անդամակցելու վերաբերեալ բանակցութիւնները: Կը յայնէ ԹԱՍՍ։ Այսօր Պրիւքսէլի մէջ սկսաւ Եվրամիութեան 27 անդամ երկիրներու ղեկավարներուն երկօրեայ գագաթաժողովը։

Back to top button