ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 23, 2021

Եվրոպացի պաշտօնեաներ պիտի այցելեն Հայաստան Յունիս 25-ին ։ Նշեալ այցը լիազօրուած է Արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Եվրամիութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէփ Պորելի կողմէն եւ նպատակ ունի վերահաստատելու տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը։

Ռուսաստանի ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ որոշիչ էր․ Ռուսաստանի դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ «Ռուսաստանի որոշիչ ներդրումով հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ դադրեցաւ»,- ըսած է Քրեմլինի կայքին մէջ հրապարակուած ուղերձին մէջ։

Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Լեւոն Արոնեան՝ աշխարհի Գաւաթին, բացի Արոնեանէն, Հայաստանը 4 մասնակից եւս պիտի ունենայ աշխարհի Գաւաթին ՝ Հայկ Մարտիրոսեանը, Շանթ Սարգսեանը, Յովհաննէս Գաբուզեանը եւ Գաբրիէլ Սարգսեանը։ Մրցաշարքը պիտի կայանայ Սոչիի մէջ ։

Back to top button