ԿարևորՌադիոլուր

Արեւմտահայերէն լուրեր Յունիս 16, 2021

Լեռնային Ղարաբաղի հարցը Փութին-Պայտըն օրակարգի վրայ է․ արդէն յայտնի է նախագահներուն հանդիպման ժամանակացոյցը։ Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Ժնեւի մէջ կը կայանայ այսօր՝ Երեւանի ժամով 15:35-ին։ Հանդիպումը, ինչպէս նշեց ամերիկացի պաշտօնեան կրնայ տեւել չորս-հինգ ժամ։ Վճռական ենք Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հարցին մէջ․ ըսուած է Եվրամիութիւն-Ամերիկա գագաթաժողովի յայտարարութեան՝ 28-րդ կէտին մէջ։

Սեւանայ լիճը որպէս հանգիստի վայր նախընտրողներուն համար, Յունիս 18-էն կը սկսի աշխատիլ ելեքտրագնացքը Ալմաստ (Երեւան)-Շորժա ուղղութեամբ։ Իսկ Երէկ աւելի քան մէկ տարի ընդմիջումէն յետոյ ժամանեց Երեւան-Պաթումի գնացքը։

Back to top button